Կազմաւորենք Գալիք Սերունդը
«Վասզնի գիտցէ’ք, գիտցէ’ք Հայրենիք կը նշանակէ երիտասարդութիւն: Եւ վա~յ այն ժողովուրդին, որ կը կարծէ, նոյնիսկ իր հողին վրայ, թէ հայրենիք ունի՝ երբ երիտասարդութիւն չունի, կը մեռնին բոլոր ազգերը, երբ երիտասարդութիւն չունին», կ’ըսէ Շաւարշ Նարդունի:
Մենք հայերս դարեր շարունակ ենթարկուած ենք բազմաթիւ եւ բազմատեսակ հալածանքներու եւ կոտորածներու: Ապրած ենք օտարներու տիրապետութեան տակ, սակայն այս բոլորը չեն յաջողած դադրեցնել մեզ հայ ըլլալէ:
Հայը իր զօրաւոր վճռակամութեամբ ու վառ ոգիով ոտքի կանգնած է, տկար մարմնին վրայ հանդուրժելով խոր վէրքերը եւ շարունակած է կեանքը: Պէտք չէր յուսահատիլ եւ պէտք էր շարունակել, որովհետեւ թշնամին անհամբեր կը սպասէր այն օրուան, որ հայ ազգը յաւիտեան ոչնչանայ եւ ձուլուի: Բայց դարեր շարունակ, հայը թոյլ չտուաւ որ թշնամին այսպիսի ուրախութիւն վայելէ:
Մերթ ընդ մերթ աշխարհի վիճակը աւելի կը բարդանա, անոր բաղկացուցիչ հաւաքական տարրերը կը բազմանան եւ մենք կը գտնուինք քաոսի մէջ: Մենք ազգ ըլլալէ առաջ ժողովուրդ ենք՝ տոհմերէ կազմուած ու բաղկացած: Իբրեւ հայ ժողովուրդ կը հետապնդենք դատ մը, որուն համար մղուող պայքարը մեծ ճիգ եւ հաւատք կը պահանջէ: Սակայն դարը փոխուած է, օրէ օր մեր ժողովուրդին մէջ կը պակսի հայութեան կառչելով հայ մնալու վառ ոգին: Հետզհետէ ընտանիքներ կը դառնան անտարբեր ու շատեր կամաց-կամաց կ’օտարանան իրենց արմատներէն, միջավայրէն եւ ինքնութենէն: Բայց ընտանիքները պէտք է հասկնան, թէ այսօրուան իւրաքանչիւր զաւակը կը մարմնաւորէ գալիք հայ սերունդը:
Լիզպոնի տղաքը, Մհերը, Վիգէնը ու իրենց նման հերոսները, արքայութեան մէջ հանգիստ բազմած աստուածներ չէին: Այդ տղաքը մեզի նման անհատներ էին: Այսօրուան երիտասարդները պէտք է ըլլան իրենց պէս ու զինուին անոնց երկաթեայ կամքով: Մենք ենք այս ազգին ապագան ու գալիք սերունդներուն ներշնչումն ու տիպար օրինակը:
Այսօրուան երիտասարդը պէտք ունի հետեւեալ յատկանիշներուն-
Ա. Հաւատք- Պէտք է ունենալ զօրաւոր հաւատք եւ կամք, որպէսզի կարենանք ոչնչացնել ամէն տեսակի յոռի երեւոյթներ, որոնք մեզ կ’արժեզրկեն մեր պատմութենէն եւ ինքնութենէն:
Բ. Հայրենասիրութիւն- Ամէն հայ պէտք է սիրէ իր ինքնութիւնը եւ պատրաստ ըլլայ ինքզինք զոհելու ի սէր ազգութեան ու հայրենիքի
ազգակերտումի վսեմ նպատակներուն:
Գ. Միասնականութիւն- Համախմբուիլ ու միասին պայքարիլ կերտելու փայլուն ապագայ, համահայկական մտածողութեամբ եւ պահանջատիրութեամբ:
Դ. Ուսում- Զինուելով բարձրագոյն կրթութեամբ եւ մասնագիտութեամբ, օգտակար հանդիսանալով սփիւռքի եւ հայրենիքի պէտքերուն եւ բարօրութեան:
Մենք` հայերս խօսք ունինք, եւ աշխարհը պիտի լսէ մեր բողոքը, համայն մարդկութիւնը պիտի ճանչնայ մեր պատմութիւնը, իսկ մենք պիտի լուծենք մեր վրէժը: Այս ինքնուրոյն նկարագիրով, յանձնարարութեամբ ու պատրաստակամութեամբ երիտասարդութիւնն է, որ միակ ապաւէնն է մեր ապագայի հայրենիքի կերտման, ինչպէս Սարգիս Զէյթլեանի կ’ըսէր «Ազգի մը պահեստի գլխաւոր ուժը, հիմնական դրամագլուխը, յատկապէս իր ապագայի կերտման հաշուին, երիտասարդութիւնն է, այդ երիտասարդութեան կազմակերպումն ու դաստիարակութիւնը»:
Leave a Reply
Want to join the discussion?Feel free to contribute!