Հայ- Թուրք Բանակցութեան Մասին
Ռազմիկ Հարուն
Աշխարհի տարածքին գոյութիւն ունեցող բարդ եւ առկախ հակամարտութիւնները լուծելու համար հզօր պետութիւնները կը նախընտրեն դիւանագիտութեան ուղիով փոխադարձաբար ընդունելի արդիւնք ձեռք բերել պատերազմի տանող քայլերու դիմելու փոխարէն:
Թէ ինչո՞ւ այդպէս է՝ պարզ է. թէեւ պատերազմով կարելի է ոեւէ հարց իր լուծումին յանգեցնել սակայն այդ միջոցը յաւելեալ թշնամութիւն կը ստեղծէ ինչ որ մնայուն խաղաղութիւն հաստատելու ճիգերը ատելութեամբ կը թունաւորէ: Այս գլխաւոր պատճառին կողքին կան նաեւ աւելի անմիջական մտահոգութիւններ ինչպէս՝ պատերազմի բերումով տնտեսութեան տկարացումը, տեղացի ժողովուրդին վերաբերմունքը եւ անոնցմէ նուազ ազդեցութեամբ միջազգային կարծիքը եւլն: Պատմութիւնը բազմաթիւ օրինակներով կու գայ փաստելու որ լոկ լայնածաւալ զինուորական գործողոթիւններով կերտուած խաղաղութիւնը խորքին մէջ մակերեսային եւ ժամանակաւոր է:
Աշխարհին շուրջ կը տեսնենք անբարեացակամ պետութիւններու միջեւ խորունկ հակասութիւնները՝ ըլլան անոնք սառած կամ այժմէական հարցեր, դիւանագիտութեան բովով նախ մեղմացնել ու ապա լուծել: Հնդկաստանը հրաժարեցաւ Փաքիստանին մարտական ուժով պատասխանել 2008ին Մումպայի մէջ տեղի ունեցած ոճիրներէն ետք: ՆԱԹՕ-ի գերպետութիւնները կ’աճապարեն Հիւսիսային Քորիային ետ բանակցութեան սեղանին շուրջ բերել: Աֆղանիստանի մէջ զօրավարներուն չափ զբաղուած են դիւանագետները: Անշուշտ բացառութիւններ կան՝ Սրի Լանքայի կառավարութիւնը պարտութեան մատնեց եւ գրեթէ ոչնչացուց Թամիլ Վագրերը որ կղզիին հիւսիսային տարածքին մէջ տարիներով պայքար մղեցին կառավարութեան ընդդէմ: Կը թուի որ պատերազմով հարց մը վերջնականապէս լուծելը կը նշանակէ հակառակորդը բնաջնջել: Բարեբախտաբար այնպիսի օրինակները քիչ են: Ամենայնդէպս աշխարհին մէկ ծայրէն միւս ծայրը պետութիւնները սկսած են իրենք զիրենք հարց տալ թէ՝ ե՞րբ բանակցիլ թշնամիին հետ:
Շատ դժուար է յաջող բանակցութիւն տանելու պատեհ պայմանները նախապես ճշդել: Ան հազար ու մէկ խանգարումներու ենթակայ է: Եզերքին վրայ անվնաս երեւցող մանրամասնութիւն մը կրնայ սուր հակասութիւն մէջտեղ բերել, ինչպէս որ եղաւ Հոկտեմբերի առաջին շաբթուայ ընթացքին Հայ-Թուրք յարաբերութիւններու բնականոնացման նախապայմաններուն նկատմամբ Հայկական սփիւռքի ունեցած դրսեւորումով: Շատ անգամ անզուսպ եւ ծայրայեղ տարրերու անկարգապահութիւնը պատճառ կը դառնայ կարավարութիւնները զիրար անտեսելու եւ կռիւներու շարունակութեան, ինչպէս որ յաճախ կը պատահի Պաղեստինցիներուն եւ Հրեաներուն միջեւ: Թերեւս զինեալ բախումներու կասեցումը ամէնէն հասարակ նախապայմանն է որմով կառավարութիւնները կ’արժեւորեն դիւանագիտութեան տարողութիւնը անհամաձայնութիւնը վերացնելու գործին մէջ. բայց միակը չէ:
Այս տարուայ սկիզբին Իսրայելը յայտարարեց որ պատրաստ էր Պաղեստինեան իշխանութեան հետ բանակցիլ միայն երբ ան պաշտօնապէս ճանչնայ Իսրայելը որպէսզ Հրեական պետութիւն: Միացեալ Նահանգները Պարսկաստանէն կը պահանջէ ադոմական ուժի ստեղծման գործընթացին սառեցումը նախքան խօսակցութեան վերսկսումը: Երբեմն ալ կառավարութիւններ անգիտակցաբար նախապայմաններ կը պարտադրէն իրենք իրենց վրայ, օրինակի համար երբ կ’որոշեն որ իրենց հասկացողութեամբ «ահաբեկչական» կազմակերպութիւններու հետ ոեւէ կապ հաստատելու չեն ինչպէս եղաւ 2006ին երբ Համասը մեծ յաջողութիւն նուաճեց Պաղեստինեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն բայց Իսրայելը եւ ԱՄՆը մերժեցին անոր հետ գործակցիլ թէպէտեւ քուէարկութիւնը ընդունուեցաւ որպէսզ ազատ եւ առանց բացայայտ խախտումներու: Թէ այս հարցերը ինչպէ՞ս կ’որոշուին շատ կարեւոր է: Մէկ կողմէն շահեկան նախապայմաններու արհամարհումը կրնայ բանակցութեան ազդեցութիւնը նուազեցնել իսկ միւս կողմէն անփութութեամբ ձեռնարկուած նախապայմաններ կրնան դիւանագիտութեան հնարաւորութիւնը բոլորովին վերացնել:
ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ
Դիւանագիտութեան միջոցավ հաշտութեան հող մշակելու համար բանակցային կողմերը պէտք է իրենց համակ ուշադրութիւնը դարձնեն երկու հարցերու՝
ա) ենթակայ կառավարութեան կարողութիւնը իրմէ պահանջուած նախապայմանները լրացնելու
բ) տուեալ նախապայմաններու գոհացումով ենթակայ կառավարութեան ապագայ ռազմավարական դիրքը բանակցութեան ծիրէն ներս
Նախապայմաններ ընդունելի են այնքան ատեն որ այս սկզբունքները կը բաւարարեցնեն: Հակառակ պարագային նախապայմանները փուճ խեղկատակութիւն ըլլալէ զատ կը ծառայեն անհանդուրժողութեան եւ անվստահութեան մթնոլորտ ստեղծելու: Առաջին կէտը պարզ է, նոյնիսկ բացայայտ, բայց զարմանալի է որ միշտ չգործադրուիր: Օրինակի համար Իսրայելը Պաղեստինցիներէն, մասնաւորապէս Մահմուտ Ապպասի Ֆաթահ կուսակցութիւնէն, կը պահանջէ հրթիռաձգութեան դադրեցումը: Ապպաս Կազայէն Իսրայել ուղղուած հրթիռներու տարափը արգիլելու ուժը ունի՞. եթէ ունենար՝ Կազան փաստօրէն Ֆաթահի իշխանութեան տակ կ’ըլլար եւ ոչ Համասին: Նախապայմանը տրամաբանական է բայց սխալ հասցէին ուղղուած է, Ապպասը կարողութիւնը չ’ունի այդ կատարելու: Վիճաբանութեան սիրոյն երեւակայենք որ ունի այդ ուժը: Արդեօ՞ք այս նախապայմանը ընդունելի է: Ուրեմն մեզ կը մնայ ստուգել անոր համաձայնութիւնը երկրորդ սկզբունքին հետ: Երկրորդ կէտը կը թելադրէ արժեւորել նախապայմանին կիրարկման հետեւանքով դիրքերու փոփոխութիւնը: Ուրիշ խօսքով սակարկելու ազատութիւնն ու ազդեցութիւնը պէտք է զերծ մնայ նախապայմաններու կաշկանդիչ սովորութիւններէն: Եթէ կողմ մը որոշ քայլի մը պիտի համաձայնի եւ անոր դիմաց ձեռքէն շատ բան պիտի տայ հասկնալի է որ այդ քայլերը չ’ուզէ առնել: Այս պարագային ռմբարձակութիւնը կասեցնելով Պաղեստինցիները ոչինչ զիջած կ’ըլլան որովհետեւ այդ գործողութիւնները անմիջապէս շարունակելու կարողութիւնը տակաւին կ’ունենան:
Այն դիւանագէտները որ նախապայմաններ դնելու նախասիրութիւն ունին բայց ժողովուրդին վերաբերմունքով մտահոգուած են, զանոնք կը դնեն որպէսզի ժողովուրդին առջեւ պահպանողական երեւին եւ հակառակորդին հաւանութիւնը ապահովելու պարագային փոքր նուաճումով ներկայանան որպէսզ ազգային շահերու երաշխաւորներ: Այն դիւանագէտները որ անձնապէս դէմ են նախապայմաններու, զանոնք չափազանց անընդունելի բանաձեւումով կ’առաջարկեն որպէսզի անհամաձայնութեան պատրուակով բանակցութիւնները լքեն: Դժբախտաբար նախապայման դնելու ախորժակը աւելի մեծ է քան առողջ վերլուծութեան ջանքերը: Այս իրականութիւնը բանակցողներուն կը մղէ դէպի շատ աժան քաղաքական նպատակայարմարութեան: Այս մօտեցումը այնքան վնասակար է որ շատ անգամ նախապայմաններէ ազատ կապերու ստեղծումը աւելի նպաստաւոր կ’ըլլայ:
ՖՈՒԹՊՈԼ ԽԱՂԱԼԸ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆ Չ’ՈՒԶԵՐ
Հայ-Թուրք յարաբերութեանց բնականոնացման գործընթացը իր պաշտօնական ծնունդը առաւ Հոկտեմբեր 1Օին Զուրիխի մէջ, բայց անոր պատրաստութիւնը աւելի քան մէկ տարի տեւեց եւ պահանջեց գերպետութիւններու հետեւողականութիւնը եւ անխախտ աջակցութիւնը: Դժուար է հերքել այն կարծիքը որ Հայաստանն ու Թուրքիան առանց արտաքին միջամտութեան կը կարենային իրար հետ լեզու գտնել: Թուրքիան իր սահմանը բանալով չնչին տնտեսական շահ պիտի արձանագրեր, բայց գտած շահը բացումին ընկերակցող դիւանագիտական գլխացաւը՝ այսինքն Ատրպէյճանի զայրոյթը, պիտի չ’արդարացներ: Իսկ Հայաստանը ապացուցած էր որ նոյնիսկ փակ սահմանով կրնայ տնտեսական աճ արձանագրել առանց ոչ մէկ զիջում ընելով Արձախէն: Բայց Ռուսաստան-Վրաստան պատերազմը մէջտեղ բերաւ Հայաստանի վտանգաւոր առեւտրական վիճակը՝ որ երբեք գաղտնիք չեր բայց ոչ ալ բոլորովին ըմբռնուած որպէսզ ապահովութեան խնդիր, եւ չ’ուզելով վերյիշեցինք անոր տարածաշրջանային մեկուսացումը: Իսկ Թուրքիոյ նկատմամբ այդ պատերազմը արթնցուց «Պաղ Պատերազմ»ի զգացումները եւ վախը որ Ռուսերը Թրքական սահման վերադառնալով պիտի վտանգեն իր ուժանիւթերու փոխադրամիջոցի նախանցելի դիրքը: Յիշենք որ այստեղէն պիտի անցնին Եւրոպային ուժանիւթի պահանջքները բաւարարեցնող քարիւղի եւ բնակազի խողովակները: Քանի որ խողովակներուն կառուցումը հսկայական ծախսերու նայեցաւ անոնց անխափան գործելը եւ ապահովութիւնը երաշխաւորելը Եւրապային եւ որոշ չափով ԱՄՆին հիմնական մտահոգութիւնն է: Եւրոպային՝ որովհետեւ իրենք պիտի սպառեն այդ ուժանիւթերը եւ ԱՄՆին՝ որովհետեւ այս բոլորը կը համընկնի տարածաշրջանին վերաբերեալ իր ունեցած հեռատես ծրագիրները, որոնք են Հայաստանը Ռուսաստանին գիրկէն հանել, որուն հետեւանքով Ռուսաստանին ազդեցութեան գօտին նահանջի կ’ենթարկուի եւ Պարսկաստանի հետ ցամաքային կապը կը կորսնցնէ որը աւելի կ’առանձնացնէ Պարսկաստանը:
Այս պայմաններուն տակ եւ երրորդ դէմքերու մղումներով Հայաստանն ու Թուրքիան բանակցութեան սեղանին մուրջ նստեցան յարաբերութեանց բնոյթ ճշդելու: Թէ ո՞վ աւելի կշիռք ունի պարզ է: Արդէն զօրաւորը միշտ պատրաստ է բանակցութեան նստելու որովհետեւ քաջ գիտէ որ թշնամին չի կրնար իրեն զիջումի տանիլ այլ ինք պիտի փորձէ առաւելագոյն զիջումներու մատնել թշնամիին: Եթէ զօրաւոր եղած ատեն չես բանակցիր, ե՞րբ պիտի բանակցիս: Ամեն պարագային, տուեալ նախապայմանները հաշտութիւն քաջալերելու տեղ աւելորդ փորձանքներու դուռը կը բանան, մանաւանդ մեզի համար, եւ ընդհանուր գործընթացը ձախողութեան կը տանին: Այս երկիրներուն մերձեցումը պէտք է ըլլայ առանց նախապայմաններով եւ չափազանց դանդաղ աշխատելակերպով, որովհետեւ փոքրագոյն անհամաձայնութիւնը կրնայ ընթացքը խափանել: Ի՞նչ կը նշանակէ ներկայ սահմաններու ճանաչումը կամ անբարեացակամ քարոզչութեան դադրեցումը. անկախ երկիրներու միջեւ կապեր ստեղծելու տարրական քայլերն են ասոնք: Յարաբերութեանց բնականոնացումը կը փորձեն այսպէս ներկայացնել՝ երկու պետութիւններու պաշտօնական կապերու հաստատման գործընթաց եւ ոչ աւելին, որպէսզի այս բոլորը անվնաս երեւի եւ անհամաձայն գտնուողները անտրամաբանական ու ծայրայեղ երեւին: Իրականութեան մէջ այս բոլորը պատմութեան ընթացքին Թուրքիոյ նուաճած շահերը՝ հակառակ որ անոնք անիրաւ միջոցներով ձեռք բերուած են, կու գան վերջնականապէս վաւերացնելու:
ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՀԱՇԻՒ 0-2 ԻՍԿ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՇԻՒ…
Արտգործնախարարի ստորագրութեամբ համաձայնագիրը այժմ մտաւ երկրորդ հանգրուան: Յոյսով ենք որ այստեղ իսկական քննարկումներ կը կատարուին եւ այդ քննարկումներուն եզրակացութիւնները կը հասնին հանրութեան ի տարբերութիւն անցեալին, ուր իշխանութիւնը մակերեսային ակնարկներով թիւրիմացութիւն տարածեց: Իշխանութիւնը հարցումներու պատասխանելու ատեն միշտ կ’ըսէ թէ ամեն ինչ մեր ուզածին պէս պիտի չ’ըլլայ եւ ինչպէս Թուրքերը կրնան որոշ հարցեր մեկնաբանել մենք ալ կրնանք տարբեր մեկնաբանութիւն ունենալ: Քաղաքականութեան մէջ ընդհանրապէս մեր ուզածը տեղի չ’ունենար, ուրեմն զարմանալի չէ որ այս անգամ ալ մեր ուզածը տեղի չ’ունեցաւ: Բայց այս նախապայմաններուն շուրջ մենք ի՞նչ նպաստաւոր մեկնաբանութիւն կրնանք ունենալ տակաւին յայտնի չէ: Սահմաններու ճանաչումը ինչպէ՞ս մեկնաբանենք որպէսզի հողային իրաւական պահանջքները չթաղենք: Անբարեացակամ քարոզչութիւնը ինչպէ՞ս մեկնաբանենք որպէսզի Մեծ Եղեռնի ճանաչման գործընթացը բարի դրացնութեան չխանգարէ: Պատմական հարցեր ուսումնասիրելու միջ-կառավարական յանձնախումբը ինչպէ՞ս մեկնաբանենք որպէսզի մեր պատմութիւնը չխեղաթիւրեն: Մեկնաբանութիւն առանց հասկացողութեան իրականութիւնէ կտրուած վիճակագրութիւն է:
Վերջին երկու ամիսները ցոյց տուին որ թէեւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը ինքզինք յառաջադէմ կը ներկայացնէ, իրականութեան մէջ իր ուղղութիւնը յետադիմական հոսանքներու ենթակայ է: Սկսած գաղտնի բանակցութիւնները հրապարակացնելու որոշումէն եւ վերջացած Թրքական քարոզչութեան առջեւ լռութիւնով, արտագին գործոց նախարարութեան պաշտօնեաները կ’աշխուժանան միայն երբ քննադատութիւններու ելեւէջը իր գագաթնակէտին հասնի եւ այն ատեն, կարծես թէ ակամայ, տակաւին անբաւարար բացատրութիւններ կու տան եւ շատ անգամ նոյնիսկ հարցերուն հարցումով կը պատասխանեն: Նման ասուլիսներու ընթացքին տարակուսութեան զգացումը անխուսափելի է:
ԼՈՒՌ ՎՏԱՆՔՆԵՐ
Սահմանի բացումով կան երկու վտանքներ, որոնց մասին ցարդ պէտք եղած զրոյցները տեղի չեն ունենար: Առաջինը գաղթի օրէնքներու եւ համակարգի բնորոշումն է: Մտահոգութիւնս Թուրքերու ներխուժումը չէ այլ Հայաստանի հայաթափումն է: Անձիք իրենց տնտեսական իրավիճակը բարելաւելու համար կը վերաբնակուին ապրուստ խօստացող երկիրներ: Ներկայիս Թուրքիոյ մէջ արդէն յիսուն հազար հայեր կը բնակին անօրէն, այս թիւը ՀՀ բնակչութեան մօտաւորապէս երկու տոկոսը կը ներկայացնէ : Այնպէս չէ որ Թրքական մշակոյթին հանդէպ խոր համակրանք ունին որ Պոլիս գացին, բայց որովհետեւ Թուրքիոյ ուռճացող միջին դասակարգը աշխատանքի լայն հօրիզոն բացած է: Իսկ Հայաստանի մէջ դասակարգներու միջեւ եկամուտի անհաւասարութիւնը նօսրացած միջին դասակարգ ստեղծեց եւ այդպէս կը շարունակէ պահել: Յոյսով ենք որ իշխանութիւնը ծրագիրներ մշակած է, որոնք սահմանի բացումը դրդապատճառ օգտագործելով անգործութեան դէմ պիտի պայքարին: Հակառակ պարագային աժան ապրանքներու ներմուծումը կրնայ որոշ ասպարէզներներու վրայ ահագին ճնշում բանեցնել, որը ի վերջոյ անգործութեան կը տանի:
Երկրորդ վտանքը տնտեսական եւ ընկերային փորձանքներով յղի է: Թուրքիան ծանօթ է որպէսզ թմրեցուցիչներու արտադրող եւ փոխադրամիջոց ընծայող պետութիւն: Սահմանի բացումէն ետք այս շուկան ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Հայաստանի տնտեսութեան եւ ընկերային կեանքին վրայ: Վստահ եմ որ «սեւ շուկայ»ի մենաշնորհները պիտի ուզեն իրենց կործանիչ սպասարկութիւնները երկնցնել դէպի Հայաստան եւ չարաշահել զայն իրենց ապրանքը անոր ցամաքին վրայէն փոխադրելով:
Վտանքներուն զուգահեր կան նաեւ սահմանի բացման հետեւանքով առաւելութիւններ, որոնց մասին կը լսենք նախապայմաններուն ջատագովներէն: Սակայն մինչեւ այսօր բոլոր այն առաւելութիւններուն մասին որ լսած ենք տնտեսական ոլորտին մէջ սահմանուած են իսկ վտանգները կը թափանցեն առնուազն տնտեսական, ընկերային, իրաւական, պատմական եւ ապահովական ոլորտները: Հայաստանի ապագայ դիրքը յաջորդող բանակցութիւններուն հաւանաբար տկարացած ըլլայ, որովհետեւ սահմանուած պիտի ըլլայ միայն տնտեսականով: Ըստ վերոնշեալ երկրորդ կէտին այս նախապայմաններու շարանը պէտք էր անընդունելի ըլլար Հայկական կողմին:
Leave a Reply
Want to join the discussion?Feel free to contribute!