Երկտող Մը Ձեզի, Ընկերուհիներ
Մինչեւ որ առնես վերջին շունչդ թող գրիչդ թուղթի մտերիմ մնայ:
Գրէ կեանքիդ մասին, գրէ երազներուդ մասին, գրէ ոչինչի մասին, բայց գրէ՛: Նոյնիսկ եթէ վկայական չունիս, գրէ: Նոյնիսկ եթէ Սիամանթօ կամ Տէրեան մը չես կամ չես իսկ կարդացած, գրէ:
Գրէ այնպիսի խոր տեղէ մը որ ամբողջ էութիւնդ պարպուի էջին վրայ:
Եթէ սեղան չունիս, աւելի լաւ. գրէ գետինը նստած: Եթէ լոյս չունիս, հրաշալի. գրէ մթութեան մէջ: Անտեսէ այն ձայները որ քեզ անարժան կը համարեն: Եւ չմտածե՜ս որ զբաղած ես՝ «թերեւս վաղը»: Ո՛չ. հիմա, եղած վիճակիդ մէջ, խառն մտքերովդ, վախը մէջդ, նետուէ՛ գրութեանդ մէջ: Թերեւս անօթի ես ու աղքատ, բայց չըսես որ փորձառութիւններէդ չես ախորժած: Ընդհակառակը, քեզմէ կուշտը չկայ:
Ուրեմն գրէ՛ որ չջնջուիս:
Գրէ՛, որպէսզի արձանագրես այն մտածումները որոնք չեն լսուիր երբ կը խօսիս: Գրէ՛, որ ապրիս ու ազատիս ձանձրոյթէն: Գրէ, որ ստեղծես: Ու երբ սկսիս կանխատեսելին գրել, երբ սկսիս նոյնութեան մէջ խեղդուիլ, գնա՛ լաւ մը գինովցիր, մղոն մը վազէ, քիչ մը լաց, նոր գրիչ մը գնէ ու պարտէզիդ խաղաղ անկիւն մը նստած նորէն սկսէ գրել:
Leave a Reply
Want to join the discussion?Feel free to contribute!