Հայրենիքը՝ Մեր Բոլորին Պարտականութիւնը
By: Ռուբէն Ճանպազեան
Երեւան, 2011
2000 թուականին, ընկատիքիս հետ միասին, առաջին անգամ ըլլալով աձցելեցի հայրենիք: Թէեւ բաւական փոքր էի տարիքով, սակայն Հայաստանը վրաս մեծ ազդեցութիւն գործեց ու զիս մղեց որ յաճախ վերադառնամ այնտեղ: Հայաստան գտնուած եմ զանազան առիթներով. Մասնակցած եմ ժողովներու, սեմինարներու եւ զբոսաշրջումներու, սակայն բախտաւորութիւնը չէի ունեցած կամաւորաբար աշխատելու Հայաստանի մէջ:
Չբաւարարուելով Թորոնթոյի Հայ գաղութէն ներս տարած յամեստ գործունէութեամբս, որոշեցի այս տարի վերադառնալ Հայաստան, սովորականէն
քիչ մը աւելի երկար ժամաակով, կամաւոր աշխատանքի ճամբով, ու «Դէպի Հայք» կազմակերպութեան աջակցութեամբ, ծառայելու եւ ուղղակի ներդրում ունենալու հայրենիքիս աստիճանաւոր վերելքին. Որոշում մը, որ իմ կածիքով, ամէն Հայ երիտասարդ արնուազն մէկ անգամ պէտք է արնէ: Փափաքս էր աշխատիլ «Հրայր Մարուխեան» Հիմնադրամին մէջ: «Հրայր Մարուխեան» Հիմնադրամը սոցեալ-դեմոկրատական հիմնարկ մըն է, հիմնուած 2009 թուականին, որուն նպատակն է տառածել հաւասարութեան, ազատութեան եւ ժողովրրդավարութեան արժէքները Հայաստանի եւ տարածաշրջանի մէջ: Հիմնադրամը կիրագործէ գիտական հետազոտութիւններ, կը կազմակերպէ համաժողովներ եւ դասընթացքներ երիտասարդ քաղաքական ղեկավարներու համար, եւ կը հրատարակէ բծախնդրօրէն պատրաստուած ուսումնասիրութւիններ՝ բարելաւելու համար երկրի սոցիալական, տնտեսական եւ քաղաքական վիճակը: Հիմնադրամը նաեւ սերտօրէն կը գործակցի Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի խմբակցութիւններուն, տեղական տարածաշրջանային եւ միջազգային քաղաքական ու հետազոտական այլ հաստատութիւններու հետ:
Երեք ամիսներու ընթացքին, աշխատանքային շրջանիս մասնակից եղայ կազմակերպչական ծրագրային աշխատանքներուն, ուսումնասիրութիւններուն եւ խորհրդաժողովներուն, որոնց ընդմէջէն, աւելի լաւ ըմբռնեցի թէ մեր հայրենիքը որքան շատ կարիքը ունի նոյնանման կազմակերպութիւններու իր քաղաքական, սոցիալական եւ տնտեսական բնագաւարներու վիճակը բրելաւելու համար:
21 Սեպտեմբեր, 1991-ին Հայաստանի Հանրապետութիւնը հրչակուեցաւ ազատ եւ անկախ պետութիւն, վերջ դնելով 70 տարուայ համայնավարական տիրապետութեան: Հայ ժողովուրդի աւելի քան 99 տոկոսը «այո՛» քուեարկեց՝ երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած վերանկախութեան: Սակայն յաջորդող տարիները որ անմիջապէս յետեւեցան հրչակման եղան դժուարին եւ յուսախաբեցուցիչ: Յաճախակի եւ շարունակական պատերազմ Ատրպէյճանի դէմ, համատարած թշուարութիւն ու աղքատութիւն, 7 Դեկտեմբեր, 1988-ի երկրաշարժի ահրելի հետեւանքներն ու լայնատարած տնտեսական անապահովութիւնը պատճառ եղան որպեսզի Հայաստանի քաղաքացիները յետսյետէ յուսահատին եւ սկսին երկմտութիւններ ու կասկածներ ունենալ վերանկախութեան բերած բարիքներու մասին: Ահաւասիկ անցած են քսան երկար տարիներ Հայաստանի վերանկախացման օրերէն: Դժբախտաբար շատ բան չէ փոխուած Հայաստանի քաղաքացիական, տնտեսական եւ հասարակական ընթագքներէր ներս: Մինչեւ օրս, Ատրպէյճանի հետ կայուն եւ ստոյք համաձայնութիւն չէ հաստատուած: Տակաւին կան արտաքին ճնշումներ: Հասարակութեան տնտեսական արժէքները կը ոտնակոխուին մի քանի օլիկարքներու կողմէ, որոնք տնտեսական մենաշնորհներ (monopolies) ըլլալով՝ թոյլ չեն տար որպէսզի տնտեսութիւնը, մասնաւորաբար փոքր ու միջին գործատերերը զարգացնեն իրենց սկսած գործերը, զագացնելով նաեւ հայրենիքը: Հասարակական արդարութիւն եւ ընկերային անարդարութիւն երկրի չորս կողմը կը տիրէ, եւ Հայաստանը կը շարունակէ մնալ անկայուն, սահմանափակում եւ կաշկանդուած իր իսկ սահմաններուն մէջ:
Այս բոլորին հանդերձ, հսկայ ուրախութիւն էր ինծի համար ապրիլ, շնջել եւ գործել Հայաստանի մէջ, եւ աւելին՝ ներկայ գնտուիլ ու մասնակից դառնալ Հայաստանի վերանկախացման 20 ամեակի տօսակատարութիւններուն: Անհաւատալի զգացում մըն էր ականատէս ըլլալ եւ վայելէլ ժողովուրդիս ցնծութիւնը՝ իր երկրին հանդէպ ունեցած սէրն ու գուրգուրաքը, եւ դարձեալ ազատ ու անկախ պետութիւն ունենալու ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը: Անբացատրելի զգացում էր տեսնաել բազմահազար հայրենակիցներ՝ տատիկներ ու պապիկներ, չափահասներ, երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, պատանիներ եւ նոյնիսկ մանուկներ ու երեխաներ որոնք լայն ժպիտներ իրենց դէմքին կը յետեւէին քաղաքի չորս կողմը տեղի ունեցող հրաշալի եւ անմոռանալի վերանկախացման միջոցարումներուն: Վերանկախացման տօնակատարութիւնները վերջացան հանրապետութեան հրապարակի մէջ տեղի ունեցող բարձր մակարդակի եւ հիանալի սինֆօնիք երաժշտական համերգով, որուն յաջորդեցին գեղեցիկ ու լուսաւոր հրավառութեան փայլատակումներ. Պայթումներ, որոնք ցնցեցին եւ անակնկալի ենթարկեցին բոլորիս: Դէեւ շատ փոքր եմ յիշելու այն օրերը, ճիշդ այդ րոպէին էր որ մտածումներս զիտ փոխադրեցին Արցախեան պատերազմնի դժուար տարիներուն, ուր մեր հայրենի եղբայրներն ու քոյրերը, մայրերն ու հայրերը վախով ու սարսափով կը լսէին մարտական ռումբերու պայթումները, մեր պապենական սահմանները պաշտպանելու ընդացքին: Այսօր, 20 տարեներ ետք, այն նոյն սարսափելի պայթումները վերածուած են ուրախութեան ու ցնծութեան փայլատակումներու, որոնք հպարտութեամբ կը լսէինք միասնաբար, ու անգամ մը եւս կ՛ստիպէին զիս որպէսզի խոնհարիմ մեր հերոս մարտիկներու եւ նահատակներու յիշատակին առջեւ, քաջ գիտնալով թէ անոնց անձնուէր նուիրումի հետեւանքովն է որ մենք ունինք 2 անկախ, ազատ, ու զիրար ամբողջացնող պետութիւններ այսօր:
Անցեալ մի գանի ամիսներու ընթացքին, ինծի համար շատ աւելի հստակացաւ թէ մեր հայրենիքը կարիք ունի անձնուէր երիտասարդներու, որոնք պատրաստ են նուիրեալ աշխատանք տանելու երկէն ներս, ու բարելաւել Հայաստանի ներկայ վիճակը: Ես կը հաւատամ որ անցած են այն օրերը, երբ Հայաստանը մեր սրտերու ու մտքերու մէջ միայն իտէալ մըն էր, մեր տուներու պատերուն կախուած Արարատ լերան նկարով խորհրդանշուող: Հայաստանը իրական երկիր է իրական խնդիրներով Հայրենի հողին վրայ, ֆիզիքական ներկայութեամբ, մեր մասնագիտական կարելիութիւններով թափ տանք աստիճանաբար դէպի վեր բարցրացող մեր անկախ հայրենիքի վերելքին՝ հաստատելու համար մարդկային իրաւունքներու հաւասարութիւն, պաշտպանելու տկարներն ու անիրաւութեան զոհ գացած հայրենակիցները եւ օգնելու համար մեր երկրին ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական վիճակին: «Հրայր Մարուխեան» Հիմնադրամը օրինակ մըն է միայն շատ մը այ հաստատութիւններու կողքին, որոնք կը պայքարին փոփոխութեան ու բարելաւման ենթարկելու Հայաստանի իրավիճակը: Մեր բոլորին պարտականութիւնն է, հակարակ որ ափերուն վրայ կ՛ապրինք, հաւատարիմ մնալու անկախութեան գաղաբարին եւ էականօրէն ցքտիլ Հայաստանը անգամ մը եւս ուղղելլու դէպի իրաւացի եւ ճշգրիտ ժողովրդավար պետութիւն:
Leave a Reply
Want to join the discussion?Feel free to contribute!