Մաշտոցեան Քաղաքականութիւն
Ամարաս վանքը եղած է Արցախի եւ ինչու չէ՛ հայկական ամենէն պատմական եւ Քրիստոնէական կեդրոններէն մէկը։ Ամարաս կը գտնուի Մարտունի քաղաքէն մօտաւորապէս 10քմ հարաւ-արեւելք, Խազազի եւ Լուսաւորիչի սարերու միջեւ, Սօս գիւղին մօտ։
Ինչպէս մեր միւս պատմական եկեղեցիներն ու վանքերը, Ամարաս նոյնքան, եթէ ոչ աւե՛լի, հետաքրքրական առասպելներ ունի։ 4րդ դարու սկիզբը Ամարաս վանքը կառուցուած է Գրիգոր Լուսաւորիչի հրամանով եւ իր թոռը, Գրիգոր եպիսկոպոսը, շինարարութիւնը աւարտած է։ Ներկայիս գտնուած մատուրին խորանի բաժինը շինուած է 5րդ դարու վերջը, Վաչական Գ Բարեպաշտ թագաւորի հրամանով, հիմնադիր Գրիգոր եպիսկոպոսի գերեզմանին վրայ։
Ամարասի վանքը հոգեւոր կեդրոն ըլլալու կողքին, 5րդ դարէն սկսեալ կը դառնայ նաեւ մշակութային ու տնտեսական կեդրոն, մանաւա՛նդ երբ Մեսրոպ Մաշտոց վանքին մէջ կը հիմնէ Արցախի առաջին դպրոցը։ Հետաքային, այս դպրոցը գլխաւոր դեր պիտի ունենայ հայկական ձեռագիր լեզուի կազմաւորման եւ աճման գործընթացքին։
5րդ դարէն ետք, Ամարաս Վանքի ճակատագիրը կ’ամփոփէ Հայ ժողովուրդի մօտաւորապէս հազար տարիներու պատմութիւնը։ Դարեր շարունակ, Ամարաս վանքը ներփակուած էր հաստավեմ պարիսպներով եւ դարձած էր բերդամրոց ոեւէ մօտակայ վտանքի ժամանակ։ Այս պատճառով ալ տարիներ շարունակ միշտ աւերածութեան ենթարկուած է։ 5րդ դարուն արդէն իսկ գրաւուած է Պարսիկներուն կողմէ, ետքը՝ 7րդ դարուն Արաբներու կողմէ, իսկ 13րդ դարու վերջաւորութեան՝ Մոնկոլ Ճենկիզ Խանի զօրքերուն միջոցաւ, սակայն վանքը միշտ ալ արագօրէն վերականգնած է։ Վանքը բազմաթիւ անգամներ քանդուած եւ վերակառուցուած է որ ան դարձած է ժողովրդական աւանդութիւն։ Այս աւանդոյթը լսելով՝ մօտաւորապէս 150 տարիներ ետք, աւերակիչ Լենկթիմուրի զօրքերը կը յաջողին անգամ մը եւս քանդել գեղեցիկ Ամարասը եւ վանքին քանդուած քարերը մէկիկ-մէկիկ կը նետեն գետին մէջ, որպէսզի այս անգամ անկարելի դառնայ անոր վերակառուցուիլը։ Կ’ըսուի թէ, Լենկթիմուրի զօրավարներէն փրկուած Հայ վարդապետները թշնամիին հեռանալէն ետք, փախած են իրենց թաքստոցներէն եւ Երասխ գետէն քարերը հանելով վանքը վերակառուցած են… Լենկթիմուրը չլսէ…։
Այս վերջին արշաւանքին իբրեւ հետեւանք, Ամարաս խիստ կերպով աւերուեցաւ, սակայն երբէք եպիսկոպոսի աթոռը չկորսնցուց եւ այդ ամենէն դժուարին պայմաններուն մէջ միշտ ալ եղաւ Հայ մշակոյթի ու լեզուի կեդրոն։ Այսօր շատ մը թանկարժէք ձեռագրեր ունինք մեր գանձարաններուն մէջ շնորհիւ այս վանքին։ Այժմ Ամարաս իր բաց մոխրագոյն սրբատաշ քարերով, Արցախի տեսարժան վայրերէն մէկն է։ Տակաւին պարիսպներէն եւ վանքի օժանդակ շինութենէն կարգ մը բաժիններ պահպանուած են, նաեւ այնտեղ յայտնաբերուած է 925 թուականով թուագրուած խաչքար մը. (պէտք է այստեղ յիշենք որ, թուագրուած խաչքարերը աւելի վաւերագրական են հետեւաբար՝ աւելի յարգի)։
Ամարասի աւանդոյթը զիս կը մղէ զանազան մտորումներու ի տես ազգային եւ հասարակական կեանքին…
Մենք 21րդ դարուն տակաւին մեր գաղութները կը փորձենք ղեկավարել Լենկթիմուրի օրուայ Ամարասի վարդապետներուն որդեգրած քաղաքականութեամբ փոխան՝ Մաշտոցի։
Միշտ օտար թշնամիի վտանքը մեզ զօրակոչի կ’ենթարկէ պաշտպանելու հայրենիքը կամ բարգաւաճելու ժողովուրդի պայմանները, կարծես թէ վարժ չենք խաղաղ ժամանակներուն համագործակցութեամբ, սէր միութեամբ յառաջխաղաց ունենալու… Լենկթիմուրը յաղթական…
Միշտ կը փորձենք ժողովուրդը զգաստ եւ արթուն պահել թշնամիի մօտալուտ վտանգը յայտնաբերելով։ Կը կարդանք եւ կը լսենք Ազերիներուն ներկայ բանակին հզօրացումը. կամ ահազանգ կը հնչեցնենք Թուրքիոյ Հայաստանը մեկուսացնելու քաղաքականութեան դէմ, որպէսզի գաղութներ եւ ինչու չէ հայրենիքի հայկական բոլոր զանգուածները զօրաշարժի ենթարկուին եւ բրնցքուելով աշխատանք տանին ի նպաստ հայրենիք-սփիւռք հզօրացման։
Դժուարին ժամանակներու ժողովուրդ ենք։ Ինչո՞ւ խաղաղ ժամանակը չ’օգտագործել բարեզարդելու եւ զարգացնելու հայրենիքը… եթէ վտանք գոյութիւն չունի, շատ աւելի կարեւոր գործունէութիւններ կան, օրը մէկ՝ կազմակերպութիւն ստեղծել եւ միւս խմբակներուն դէմ պատերազմ մղել, կամ երկու թեմերու եկեղեցիներ մէկ թաղի մէջ զետեղել եւ վիճաբանիլ թէ՝ որ մէկը «մեր»ն է, կամ ալ, հին լուրերով տասը հատ օրաթերթ տպել եւ 1970-ականի որակով հեռատեսիլի կայաններ ստեղծել՝ աւելի թափով այս խայտարակութիւները զրուցելու։
Ղեկավար չկա՞յ. ով որ ինքզինքը մխրճած է քանի մը հայկական կազմակերպութիւններու մէջ եւ պաշտօններու տէր է՝ ինքն իրեն ղեկավար կը կարծէ եւ նայելով շուրջի իր ընկերներուն, որոնք կ’ուզեն իր պաշտօնը տիրանալ կը համոզուի, որ ինք ղեկավար է եւ թէ համայն հայութիւնը իր ցանած սերմերու պտուղները կը վայելէ. վերջապէս ամէն մարդ իր աթոռին տիրանալ կ’ուզէ, կը նշանակէ որ ինք բան մը կ’ընէ, իսկ այն անձերը, որոնք քիչ մը հեռուէն կը դիտեն ո’չ կը տեսնեն սերմ եւ ո’չ ալ պտուղ, այլ՝ անձնասէր սերմնացաններ։ Նոյն ղեկավար թեկնածուները, միշտ իրենց նուագով-աթոռախաղ կ’ընեն ապակիէ պարիսպի մը մէջ… միայն իրենք կը լսեն այդ երաժշտութիւնը եւ գիտեն այդ կոպիտ խաղը, իսկ ժողովուրդը զիրենք ապակիին ետեւէն կը դիտէ եւ իրենց ապարդիւն հեւքը տեսնելով ապշահար կը հեռանայ…։ Լենկթիմուրը անգամ մը եւս յաղթական։
Եկէ՛ք խաղաղ ժամանակները ի նպաստ մեր ժողովուրդի պայծառացման, հայրենիքի եւ Ամարասի ու անոր պէս հազար ու մէկ վանքերու, ուսումնարաններու եւ կրթօճախներու կառուցման ծառայեցնենք։ Մեր հայկական հոգեբանութենէն դուրս բերենք թշնամիներէ վախնալով ճգնաժամեր ստեղծելու քաղաքականութենէն։
Հայը պարտի տիրանալ խաղաղ ժամանակներու մէջ ստեղծագործելու գաղտնիքին…
Leave a Reply
Want to join the discussion?Feel free to contribute!