Մենք Մեր Հայրենիքում
Բարեւ սիրելի ընթերցող: Իմ անունս է Մանուկ Բէկինեան: Ես Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամ եմ ինչպէս նաեւ 19 տարեկան ուսանող: Այս կուսակցական ընկերներուն խնդրանքով միացած եմ խումբին ամբողջ տեղովութեան որուն հետ պիտի մնամ Հայաստան, ընկերակցելով իրենց: Կ’ուզեմ պատմել խումբի տպաւորութիւններուս մասին:
Նախ ըսեմ որ առաջին հանդիպումի պահեն, իրենք շատ համեստօրէն դիմաւորեցին զիս, բոլոր ընկերները շատ բարի, խելացի, եւ անշուշտ ընկերասեր: Այդ ըսելով, շուտ կարողացայ ընկերանալ իրենց հետ: Երբ տեղեկացայ որ ընկերները վեց ամիս շարունակ աշխատած են ինքնաշարժներ լուալով, նախաճաշներ պատրաստելով ու այլ դրամահաւաքներ կազմակերպելով որպէսզի իրենց ունեցած քումարով քան Հայաստան, այստեղ, եւ հայ փոքրերուն համար բանակում ծրագրեն սորվեցնելով Հայրենասիրութիւն եւ այլ գաղափարներ, հուզուեցայ…
Շարունակելով պատմել ընկերներուն մասին աւելի մանրամասն. Այն ընկերները որ շատ հայրենասէր են, անորմով ես համոզուած եմ բազմաթիւ անգամներ: Օրինակ՝ ընկերներէն երեգը Հայաստան այցելած են, բայց շտապեցին Հայաստան առանց առիթը բախցնելով: Իսկ միւս ընկերները առաջին անգամ ըլլալով հաճոյքով կը մնան Հայաստան: Այս փաստը շատ ուրախանալի է քան ամէն հայ որ պատրաստ է ամէն ինչ թողելու եւ հայրենադարձ քալու, չնայած որ ամէն հայի թանկ է հայրենական կարօտը:
Կյումրի հասնելով, բանակավայրը այցելեցինք ու սկսանք մաքրութեան: Սեղանները տեղաւորեցինք որպէսզի ամսուն 22-ին երեխաները դիմաւորենք: Բոլոր ընկերները շատ մեծ հաճոյքով աշխատեցան: Կյումրի գալէն առաջ սակայն, երկու օր մնացինք Արցախի մէջ: Այդ երկու օրուայ մէջ ամբողջ Արցախը շրջեցինք: Պէտք է ըսեմ որ ամբողջ ժամանակը, ընկերներս շատ հուզուած էին, որովհետեւ գացին այնպիտի վայրեր ուր պայքարած էին մեր Արցախի պատերազմի հերոսները: Տեսանք նաեւ Ֆետայիներու յիշատակումը թանգարանի մը մէջ եւ կրկնաբար պէտք է ըսեմ որ բոլորն ալ շատ հուզուած էին քանի որ ամէն օր կարող չես տեսնել թէ ինչ տեսակի տանջանքեր կրած են մեր ֆետայիները:
Լաւ յոյսով եմ որ համաձայն կ’ըլլաք կարծիքներուս հետ: Այս անգամ շատ քիչ գրեցի խումբին մասին բայց երբ մենք աւարտենք բանակումը, ես աւելի մանրամասն տեղեկութիւններով կը բացատրեմ:
Manug Beginyan
Leave a Reply
Want to join the discussion?Feel free to contribute!