Ղարաբաղցի
Հայրենասիրական երգերը կամուրջ կը ստեղծէն ներկայի ու անցեալի հետ: Մեզ կը կապի մեր նախահայրերուն հետ, մեր պատմութեամ , ու մեր մշակոյթին հետ: Ուր ու ալ ըլլանք աշխարհի մէզ , երքը կ՛ունենայ նոյն արժէքը եւ կ՛ունենայ նոյն իմաստը: Երբ Արցախի մէզ մեր անցուցած մեր գիշերներէն մէկը կ՛աւարտէինք Յեղափոխական երգերով, մենք լսեցին անծանօթ երգ մը: «Ղարաբաղցի երգը:» Անդրադառնալով երգի բառերուն զգացի որ երքը շատ ճշգրիտ ծերով կը նկարագրէ Ղարաբաղցիի նկարագիրը:
«Պատուել գիտէ նա միշտ հիւրին,
Գիտէ գինը աղ ու հացին
Միշտ հիւրասէր ու միշտ բարի
Միշտ սրտաբաց Ղարաբաղցին»
Առաջին իսկ օրէն, Արցախ ընդունուեցանք թագաւոր- թագուհիներու պէս: Անոնք մեզ կը յարգէին իբրեւ հիւր: Ժամանակի ընթացքին անոնք մեզի հետ սկսան վարուիլ ինչպէս տեղացիներ որովհետեւ վերջապէս գէսէին որ հայեր էինք, եւ ինչքանով որ այս երկիրը իրենց կը պատկանի նաեւ կը պատկանի մեզի:
«Մշակ է նա ու շինարար,
Բայց հասարակ մարդ մի կարծի,
Գիտնական է ու զօրաւար,
Բազմավաստակ Ղարաբաղցին:»
Ղարաբաղցիներուն մասին խօսելով պէտք է ամպայման մէկը յիշէ իրենց լաւագոյն նկարագիրներէն մէկը որը իրենց տաղանդն ու աշխուժութիւնն է: Երբ ժամը կը հասնի խարոյկ վառելու, Ղարաբաղցին մրջիւնէն արագ կ՛աշխատի որպէսզի շուտով պատրաստ է կրակը: Երբ ժամը կ՛ըլլայ լուրջ հարցեր լուծելու, Ղարաբաղցին կը քննարքէ հարցը եւ կը փոխանակէ կարծիքներ որպէսզի գտնէն հարցին պատասխաններ:
«Խաղաղ է նա, համբերատար,
Բայց թէ հոգով, դու դառնացիր
Ամպի նման կ՛որոտայ,
Շանթ ու կրակ, Ղարաբաղցին:»
«Ուր էլ լինես իմ բարեկամ,
Դոն նրա հետ ընկերացիր,
Վատ ընկարոջ համատ անցամ,
Կեանքը կու տայ Ղարաբաղցին:»
Այս կարճ պահը բաւարար ժամանակ էր որ ինծ անդրադարյձուց Ղարաբաղցի ունի մեծ հայրենասիրական ոգի եւ ունի մեծ սիրտ որովհետեւ լաւ թէ վատ ընկարոջ համար կը զոհուի որովհետէւ գիտէ որ պիտի զոհուի փրկելու ուրիշ հայ մը: Թող ամեն հայ առնէ օրինակ ղարաբաղցիէն ըլլալով համբերատար ու յոյսով որպէսզի հասնինք մեր նպատակներուն: