Վաղ Թէ Ուշ
Հայաստանէն մեկնիլը ոչ մէկուս համար հաճելի չէր: Ամէն անձ կ՛ուզէր պատճառ մը գտնել կամ անձնագիրը «սխալմամբ» կորսնցնել որպէսզի Ամերիկա չի վերադարնար: Բաժնուիլը հայրենիքէն աւելի դժուար է երբ գիտէս որ ամբողջ 7 շաբաթը այցելած ես տուն-թանգարաններ , եկեղեցիներ, Ճավախք, Արագած լեռ, ու շան ուրիշ վայրեր, բայց երբեք չի կրցար մօտենալ Արարատ լերան ու քեզ կարծես յաջողութիւն կը մաղթէ երբ հասնիս օդակայան: Ճիշդ այդ վարկյեանին կը յիշէս մեր յեղափոխաշունջ երգերը ու կը մտաբերես հայուն սրբազան նպատակները: Փոքր ազգ ենք բայց մեր նպատակները, իտէալները եւ յոյսը շատ մեծ է:
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի ծրագրած ճամբարը արդէն իսկ հասած է իր աւարտին: Հարիւրաւոր պզտիկներու համար հերոսներ էինք, տասնեակ խանութներու համար դարձանք կարեւոր յաճախորդներ, գիւղերու ու քաղաքներու համար դարձանք օրուայ խօսակցութեան գլխաւոր թեման…
Բայց մեր գործը հոս չ՝աւարտիր:
Հայրենիքին ծառայել երբեք դադար չ՝ունի:
Հայ Դատի համար նուիրումը զոհաբերութիւն չէ, այլ պարտականութիւն:
Ամէնէն երէցէն մինչեւ կրտսեր հայը այսօր ընելիք ունի: Պայքարը կը շարունակուի որովհետեւ այդ մեր պարտքն է մեր նահատակներուն կտակին: Եթէ երէկ մեր նպատակն էր Արցախ ազատագրել, ուրեմն այսօր մեր նպատակը Արեւմտեան Հայաստանին վերատիրանալն է:
Եւ ամպայման կը վստահեցնեմ ձեզի օր մը Միասնութեան Պարը պիտի պարուի Արարատի շուրջը:
Օր մը Վանայ ծովուն վրայ գտնուող եկեղեցիներուն մէջ մոմ պիտի վարենք:
Օր մը Անի քաղաքի շքեղ եկեղեցիներէն դուրս պիտի գան նոր պսակուած զոյգեր:
Օր մը Մուշ քաղաքի ճամբաններուն վրայ հայ ծերունին պիտի ողջունէ աշակերտներուն որոնք կ՝երթան դպրոց:
Օր մը Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ պիտի կազմակերպէ Ճամբար մը:
Օր մը ես ու դու պիտի ըլլանք դրացիներ շքեղ Ատանայի մէջ:
Եւ այս բոլորը պիտի իրականացուի ՎԱՂ ԹԷ ՈՒՇ:
- Վերժինի Թուլումեան
Leave a Reply
Want to join the discussion?Feel free to contribute!